Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ:
Ըստ նախագահին մամլոյ ծառայութեան, երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են հայ-ղազախական երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:


