Այս տարուան Մեծն Բրիտանիոյ սնուքըրի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը շատ հետաքրքական խաղ մը եղաւ երկու մարզիկներուն` Ռոնի Օ՛Սալիվանի եւ Ճուտ Թրամփի համար:
Աւարտական մրցումը այս երկուքին միջեւ կ՛ընթանար հետեւեալ ձեւով.
Ռոնի Օ՛Սալիվան շատ դիւրութեամբ` 9-4 արդիւնքով կը յաղթէր Թրամփի եւ պէտք ունէր միայն մէկ խաղի, որ դառնայ ախոյեան, սակայն Թրամփ յաջորդաբար 5 խաղեր յաղթելով ստիպեց, որ ախոյեանի անունը որոշուի վերջին խաղին հիման վրայ:
Վճռող խաղին, Օ՛Սալիվան 75-14 արդիւնքով յաղթեց եւ 10-9 վերջին հաշուով դարձաւ այս տարուան Մեծն Բրիտանիոյ սնուքըրի ախոյեան:
Նշենք, որ Օ՛Սալիվանի համար այս յաղթանակը եղաւ 5-րդ յաղթանակը Մեծն Բրիտանիոյ ախոյեանութեան: Ան նախապէս ախոյեան դարձած էր 1993, 1997, 2001 եւ 2007 թուականներուն:
Յիշեցնենք նաեւ, որ այս յաղթանակով ան հաւասարեցաւ Սթեֆըն Հենրիի (նոյնպէս` 5 յաղթանակ) եւ այժմ մէկ յաղթանակով ետ կը մնայ 6 անգամ ախոյեան դարձած Սթիվ Տէյվիտէն:


