Սուրէն Չախալեան պաշտօնապէս ստանձնեց Արարատի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնը: Այս լուրը կը հաստատէ Արարատ ակումբի պաշտօնական կայքը:
42-ամեայ մասնագէտը նախապէս գլխաւորած է երկու այլ երեւանեան ակումբներ` Փիւնիկն ու Ուլիսը եւ նաեւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը:
Նշենք, որ Չախալեան ՖԻՖԱ-ի կողմէ ունի «փրօ» կարգի մարզիչի արտօնագիր:
Յիշեցնենք, որ նախկին մարզիչ Սամուէլ Դարբինեանի պայմանագիրը Արարատի հետ նախատեսուած էր մինչեւ 1 դեկտեմբեր: Ըստ գործող կանոնագիրին, Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ախոյեանութեան խաղերուն, խումբի գլխաւոր մարզիչ մը ՈՒԵՖԱ-ին կողմէ առնուազն Ա. կարգի արտօնագիր պէտք է ունենայ: Սակայն Դարբինեան Բ. կարգի արտօնագիր ունենալով միայն երկու ամիս կրցաւ Արարատի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատարի պարտականութիւնը ամբողջացնել:


