
«Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ երիտասարդական միութեան ղեկավար Չաղտաշ Ճենկիզ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ մասնակցած է խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին խօսած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարի մասին:
Ճենկիզ «Աթաթուրքն ու երիտասարդութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին խօսած է աշխարհի օրակարգին վրայ գոյութիւն ունեցող տարբեր խնդիրներուն մասին:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ իրենք սկսած են արշաւի «հայկական պնդումներուն դէմ»: Չաղտաշ Ճենկիզ նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին դէմ 3 հանգրուանէ բաղկացած ծրագիր մը պիտի իրագործուի:
Իսկ 23 ապրիլ 2015-ին կը նախատեսուի բազմահազարանոց ցոյց մը` ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան:


