
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող քաղաքական հարցերն ու ապահովական իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Միւս կողմէ, Մուքպել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը երկիրը յուզող հարցերուն լուրջ որոշումներ չունի` աւելցնելով, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին գծով ոչ մէկ լուրջ որոշում կամ քայլ առնուած է:
Մուքպել հաստատեց, որ բանակայինները առեւանգող կողմերուն հետ բանակցութիւնները շուրջ քսան օրէ ի վեր կասեցուած են` ընդգծելով, որ Լիբանան ժամանած քաթարցի բանագնացը ոչ մէկ կերպով նպաստած է առեւանգուած բանակայիններուն հարցին, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը տեղեակ չէ պահած Լիբանանի մէջ կատարած իր հանդիպումներուն եւ առաքելութեան մասին:


