Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան պետ զօր. Վինսընթ Պրուքսը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ապահովական մարզին մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կատարուելիք ամերիկեան զինուորական եւ գումակային օժանդակութիւնները ամբողջացնելու հեռանկարները:


