Առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման բանակցութիւնները վարող քաթարցի պատուիրակը` Ահմետ Խաթիպ ժամանեց Պէյրութ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն միջեւ սկսած պայքարը բաց պատերազմ է, որ կրնայ արիւնալի ըլլալ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ բանակը դիրքաւորուած է բաւական հեռու լեռնային շրջաններու մէջ:
«Եթէ ահաբեկիչները իրենց այս յարձակումներով կը պատասխանեն բանակին կողմէ իրենց հասած բազմաթիւ հարուածներուն, ապա այդ հարուածները շատ էին եւ տակաւին պիտի շարունակուին», շեշտեց ան:
Զօր. Քահուաժի դիտել տուաւ, որ Ապու Պաքր Պաղտատիի կինը` Սաժա Տուլայմի, 15 օր առաջ բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուած է` երկու ամսուան հսկողութեան ենթարկուելէ ետք:
«Ահաբեկչական կազմակերպութիւնները դասական բանակներ չեն, եւ այդ թշնամիէն ամէն չարիք կը սպասենք: Մենք նախապէս զօրաւոր հարուածներ հասցուցած ենք իրենց եւ պիտի շարունակենք այդ հարուածները հասցնել նոյն ձեւով, մինչեւ որ կարելի ըլլայ զանոնք պարտութեան մատնել: Մենք զօրաւոր ենք եւ ոչ թէ տկար: Մենք զինուորներ ենք, հարուածներ կը ստանանք եւ հարիւր հարուածով կը հակադարձենք, իսկ մենք զանոնք պարտութեան պիտի մատնենք ի՛նչ ալ ըլլան մատուցուելիք զոհողութիւնները», հաստատեց զօր. Քահուաժի` աւելցնելով, որ բանակին տրամադրութիւնը բարձր է:
Մինչ Ռաս Պաալպեքի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, երէկ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը հակաօդայիններով հակադարձեց Ռայեաքի զինուորական օդակայանին վերեւ թռիչքներ գործող իսրայէլեան հետախուզական օդանաւի մը:
Նշենք, որ բանակին դէմ յարձակում գործող կասկածելիները հետապնդելու շրջագիծին մէջ, բանակը երէկ Արսալի կարգ մը շրջաններուն մէջ կատարեց ներխուժումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց 11 յանցագործներ:
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Տըննիէի մէջ ձերբակալեց յանցագործ մը, որ կարգ մը կասկածելիներու հետ ուղղակի կապի մէջ է:
Միւս կողմէ, «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւնները փաստեցին, որ լիբանանեան բանակին կողմէ ձերբակալուած Սաժա Տուլայմի Ապու Պաքր Պաղտատիի նախկին կինն է, իսկ անոր դուստրը` Հաժար, Պաղտատիի աղջնակն է: Սակայն Սաժա Տուլայմի տակաւին կը մերժէ խոստովանիլ այդ մասին:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Սաժա Տուլայմի Լիբանանի մէջ կապեր ունի այնպիսի բջիջներու հետ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի հետ կը գործակցին, հետեւաբար կարելի է անկէ տեղեկութիւններ քաղել:


