
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ազհարի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազհարի գերագոյն իմամ շէյխ Ահմետ Թայիպի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան ընդգծեց շրջանին մէջ արաբներուն եւ իսլամներուն գոյութիւնը երաշխաւորելու իմաստով Եգիպտոսի դերակատարութիւնը:
Տըրիան շեշտեց նաեւ, որ Եգիպտոս յանձնառու է լիբանանցիներուն ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանումին: «Լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումը ամբողջ Լիբանանի դէմ յարձակումի համազօր է, իսկ իւրաքանչիւր նահատակ երկրին նահատակը կը նկատուի», ըսաւ ան:
ՄԻՒՍ կողմէ, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ մասնակցեցաւ Ազհարի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ նուիրուած խորհրդաժողովին, դրուատեց այդ նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ Ազհարի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ համախմբուած են` աւելցնելով, որ անիկա է արաբական իսկական ընտանիքը:


