Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 5, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի չափաւորական ճառերը բոլորին ողջոյնին եւ համակրանքին արժանի են:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կատարած շրջապտոյտներն ու այցելութիւնները կարեւոր են` արտաքին աշխարհին ներկայացնելու համար Լիբանանի իրավիճակը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ապացուցած է ներքին միասնականութեան տէր կանգնելու իր կարողութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է կառչած մնայ լիբանանեան ազգային թղթածրարներուն լուծման:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ ընդգծեց Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ մաղթեց, որ խորհրդարանը Պասել Ֆլէյհանի պատրաստած ընտրական օրինագիծին ի նպաստ քուէարկէ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ երկրին ապահովութեան, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու յանձնառութեան եւ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան առումով կառավարութեան մէջ համախոհութիւն գոյութիւն ունի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ժիհատական որեւէ շարժում, որ  պաղեստինեան հարցին լուծման չի ծառայեր, ծառայած կ՛ըլլայ սիոնական գոյացութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել կը նշանակէ ամբողջ Լիբանանը թիրախ դարձնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ հանդիպումը մօտիկ ապագային պիտի կատարուի, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի գլխաւորէ այդ երկխօսութեան առաջին նիստը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ինքզինք Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեամբ շահագրգռուած չի նկատեր, այնքան ատեն որ ինք հրաւիրուած չէ անոր: «Ախպար» կը գրէ, թէ զօր. Աուն պիտի բաւարարուի այդ երկխօսութեան ակնդիր ըլլալով:

 

Նախորդը

Ազհարի Խորհրդաժողովին Մասնակից Աւելի Քան 700 Հոգեւորականները Կը Յայտարարեն. «Քրիստոնեաներուն Վնաս Հասցնելը Կրօնի Ճիշդ Համարածէն Եւ Մարգարէին Հրամայածէն Շեղում Է»

Յաջորդը

Ազհարի Մէջ . Միւֆթի Տըրիան Կը Հաստատէ Շրջանի Արաբներուն Եւ Իսլամներուն Գոյութիւնը Երաշխաւորելու Եգիպտոսի Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.