Շուէտացի նախկին թենիսմեն եւ 5 անգամ Ուիմպըլտընի եւ 6 անգամ Ռոլան Կարոսի տիտղոսակիր Պիոռն Պորկ կը կարծէ, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ Շուէտի ամէնէն յայտնի եւ կարեւոր խորհրդանիշն է:
Պորկ իր խօսքին մէջ նշեց. «Իպրահիմովիչ ուղղակի իմ յետնորդս է: Ան աշխարհի լաւագոյն խաղացողներէն մէկն է եւ շատերու համար պաշտամունքի առարկայ: Յոյսով եմ, որ ան տակաւին երկար ժամանակ կը խաղայ եւ նոր յաջողութիւններու կը հասնի, որովհետեւ ըրածները անհաւատալի են:
Իպրահիմովիչ վստահօրէն Շուէտի ամէնէն յայտնի խորհրդանիշն է, նոյնիսկ ԻՔԷԱ-էն աւելի ճանչցուած է Շուէտի մէջ»:


