Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Կը Յայտարարէ, Իսկ Իրան Կը Հերքէ, Թէ Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքեր Հարուածած Է

December 4, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1203_F-4-Phantom«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած է, որ Իրանի օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերու դէմ յարձակումներ գործած են:

«Մենք ապացոյցներ ունինք, որ Իրան վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին իրապէս օդային յարձակումներ գործած է Իսլամական պետութեան դիրքերու դէմ` օգտագործելով «Էֆ-4 Ֆանթըմ» տիպի ռմբաձիգներ», ըսած է ան:

Սակայն «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը  հաղորդեց, որ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ զօր. Մասուտ Ժազայերին հերքած է այդ լուրը:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սէուտական գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Թուրքի Ֆայսալ յայտնած է. «Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ իրենց ռմբաձիգներուն չեն արտօներ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներ գործել եւ կը բաւարարուին միայն իրաքեան հողերու վրայ անոր դիրքերը հարուածելով, ինչ որ տրամաբանական չէ եւ չի ծառայեր այն նպատակին, որուն համար յարձակումները կը գործուին»:

Ասատ. «Թուրքիա Կը Շարունակէ
Ուղղակի Կերպով ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցիլ»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ֆրանսական «Փարի Մաչ» պարբերաթերթին յայտնեց. «Կարելի չէ ահաբեկչութեան օդէն (հարուածներով) վերջ տալ, եւ գետնի վրայ որեւէ արդիւնք չի կրնար արձանագրուիլ, եթէ չըլլան շրջաններուն աշխարհագրական մանրամասնութեանց քաջածանօթ ցամաքային ուժեր, որոնք օդանաւերուն հետ այդ ուղղութեամբ կը շարժին»:

Ան աւելցուց. «Այն խօսքը, թէ դաշինքին հարուածները սուրիական ուժերուն կը նպաստեն, ճիշդ չէ, եւ եթէ ազդու ըլլային, անոնցմէ շահ կ՛ապահովուէր, սակայն որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունեցաւ, մանաւանդ որ Թուրքիան կը շարունակէ ուղղակի կերպով ՏԱՀԵՇ-ին աջակցիլ»: Ասատ ըսաւ, որ իր նախագահ մնալը ո՛չ ճգնաժամէն առաջ, ո՛չ ալ անոր ընթացքին իրեն համար նպատակ մը չէ, «սակայն սուրիացիները չեն ընդունիր, որ Սուրիան Արեւմուտքին ձեռքը խաղալիք պետութիւն մը ըլլայ, եւ այդ մէկը իրենց ամէնէն կարեւոր նպատակներէն եւ սկզբունքներէն մէկն է»:

Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Պրիւքսելի մէջ յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ տակաւին թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հարցը կը քննարկենք, եւ փոխադարձ հասկացողութիւն մը չենք գոյացուցած»:

Նախորդը

Հարաւային Քորէա Քարիւղի Դիմաց 500 Միլիոն Տոլար Փոխանցած Է Իրանին` Հակառակ Պատժամիջոցներուն

Յաջորդը

Ուաէլ Ապու Ֆաուր Պէյրութի Սպանդանոցի Հարցը Փոխանցեց Դատական Իշխանութիւններուն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.