Հայաստանի Ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Վարդան Ոսկանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Զակրեպի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի Եւրոպական Միութեան համագումարին: Այս մասին կը յայտնէ judo.am-ը:
Այս հանդիպման ընթացքին կազմուեցաւ եւ որոշուեցաւ 2015 թուականի աշխատանքներու շարքը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան եւ կատարուեցան անցեալ տարուան մարզական եւ նիւթական բոլոր հաշուետուութիւնները:
Համագումարի աւարտին, Եւրոպական ողիմպիական կոմիտէի նախագահ եւ միաժամանակ եւրոպայի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Փաթրիք Հիկըն մետալով մը պարգեւատրեց Վարդան Ոսկանեանը:


