Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի հաւաքականի նախկին միջնապահ եւ խմբապետ Զինետին Զիտան խօսեցաւ ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի իր նախկին խմբակից Թիերի Հանրիի պատւոյն հրաժեշտի խաղ կատարելու կարեւորութեան եւ անրաժեշտութեան մասին, եթէ Հենրի որոշէ վերջ մը դնել իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Յայտնենք, որ 37-ամեայ Հանրի, շաբաթավերջին յայտարարեց, թէ պիտի հեռանայ իր ներկայ ակումբէն` Նիւ Եորք Ռետ Պուլզէն:
Զիտանի հետեւեալ խօսքերը մէջբերեց «Պրազիլսթէյթս»-ը .- «Թիերի Հանրի արժանի է հրաժեշտի խաղ մը կատարելու` Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ իր բոլոր իրագործումներուն համար: Կը կարծեմ իրեն համար շատ հիանալի պահ մը պիտի ըլլայ այդ խաղը»:


