Գերմանիոյ մէջ վերսկսաւ ըմբշամարտի նոր տարեշրջանը, եւ 75 քկ կշիռքի Յունա-հռոմէական ոճի խաղերուն հայազգի մարզիկ, աշխարհի ախոյեան եւ 2012 թուականի Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան իր առաջին մրցումը կատարեց եւ կերտեց իր առաջին յաղթանակը, 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Պոզօ Սթարզեվիչը:
Այս տարուան Պունտըսլիկայի խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ հայազգի այլ մարզիկ մը` 98 քկ կշիռքի Յունա-հռոմէական ոճի խաղերու աշխարհի ախոյեան` Արթուր Ալեքսանեան:
Վերջինս` 86 քկ կշիռքի խաղերուն համոզիչ` 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆլորիան Նէումայըրը:


