Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Անպա» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր շաբաթական ակնարկին ընդմէջէն զարմանք յայտնեց այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմէ իրենց դէմ ուղղուող ամբաստանութիւններուն համար: Ան հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն բոլոր այն յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կ՛առնեն առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով իրենց կեցուածքը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն եւ զինուորականներուն այս թղթածրարը անկարելի է յարանուանականացնել` շեշտելով, որ այս հարցը համայնքային դարձնելով անկարելի է ազգային հարցի մը ծառայել:
Ժոմպլաթ անհեթեթ նկատեց բոլոր այն կոչերը, որոնք կը հաստատեն լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ համագործակցութեան վերսկսումը:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց կարգ մը ուժերու մօտ արձանագրուած նեղութիւնը, որուն պատճառն է առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ի գործ դրած ջանքերը:


