Նախորդ տարեշրջանին աւարտին Բ. դասակարգէն Ա. դասակարգ բարձրացած Նեպի Շիթ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Մուսա Հըժէյժը, երբ խումբը նախորդ շաբաթավերջին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Ահտէն` Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Նեպի Շիթի պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցած ժողովէն ետք, շատ հաւանաբար սուրիացի Ասսաֆ Խալիֆէ վերադառնալով ստանձնէ իր նախկին պաշտօնը, մինչ ակումբին կողմէ կարգ մը մարզիկներու նկատմամբ պատիժներ պիտի տնօրինուին:


