Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարանները Նշեցին Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան 15-Ամեակը

November 29, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1128_15-amyag28 նոյեմբեր 2014-ին Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան 15-ամեակը:

Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ միութեան կեդրոնի «Արարատեան» սրահին մէջ:

Աշակերտութեան անունով Սէրլի Ապրիլեան ներկայացուց ընդհանուր գնահատականը հոգեւոր տիրոջ անցած 15 տարիներու գործունէութեան` հայ եկեղեցական կեանքին մէջ, լիբանանեան, միջեկեղեցական եւ միջազգային ասպարէզներուն վրայ եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:

Խօսք առաւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ` հայ դպրոցին համար կատարած բախտորոշ գործերուն համար:

Հոգեւոր տիրոջ գահակալութեան 15-ամեակին առիթով` Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէնները յուշանուէր մը յանձնեցին հոգեւոր տիրոջ, իբրեւ արտայայտութիւն անոր նկատմամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ կրթական ընտանիքի սիրոյն եւ երախտագիտութեան:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով, Սրբուհի Ագնէս վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Հայոց հրաշք» ասմունքը (համադրութիւնը` Սիլվա Գանգրունիի), իսկ Սուրբ  Խաչ-Գ. Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները` յատուկ այս առիթով պատրաստուած ձօն մը` ուղղուած հոգեւոր տիրոջ (համադրութիւնը` Սոնա Կետիքեանի), ընկերակցութեամբ անոր գործունէութիւնը ներկայացնող պատկերաշարի մը: Երաժշտական համար մը կատարեցին Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի սաներ Ալեք եւ Արէն Տօնէրեաններ (դաշնակ եւ ջութակ)` նուագելով Քէօսէեանի «Քոնչերթինօ Ռ-Մինէօր»-ը:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Ան  խոր զգացուածութիւն արտայայտեց իր անձին ուղղուած շնորհակալական եւ բարեմաղթական արտայայտութիւններուն համար` շեշտելով, որ այն ամէն ինչը, որ իբրեւ իրագործում կը կապուի իր անձին, գործն է Աստուծոյ, որուն եւ կ՛երթայ ամենայն փառք ու պատիւ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ գահակալութեան 15-ամեակի նշման աշակերտական հանդիսութիւնը փակուեցաւ հոգեւոր տիրոջ պահպանիչով:

 

 

Նախորդը

Սրտի Խօսք` Յովան Թաշճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն Եւ «Աւետաբեր» Երգչախումբի Ելոյթ` Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներուն Տօնին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.