Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ ԿԱԽԵԱԼ Է ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ԴՆՈՂ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԷՆ»

July 25, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շնորհաւորութիւն ներկայացուց 2006-ի Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին հնգամեակին առիթով եւ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանքն ու լիբանանցիները հաւատարիմ կը մնան այդ յաղթանակին, հակառակ ոմանց, որոնք կը մերժեն ընդունիլ զայն եւ անոր արդիւնքները` Լիբանանի ապագային վրայ:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ապագան կախեալ է Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան քաղաքականութեան դէմ դնող ուժերուն գոյատեւումէն, որովհետեւ սահմանակից Իսրայէլ իր ախորժակները մնայուն կերպով սրած կը պահէ Լիբանանի դէմ յարձակումներ կատարելու իմաստով:

«Իբրեւ երկիր անկարելի է գոյատեւել, եթէ Իսրայէլի դէմ դնող այս ուժերը չըլլան, հետեւաբար` պէտք է զօրակցիլ Դիմադրութեան», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն անհաւանական նկատեց Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ նոր պատերազմի մը շղթայազերծումը` աւելցնելով, որ Իսրայէլի մէջ Յուլիսեան պատերազմին հետեւանքներուն ազդեցութիւնը տակաւին առկայ է` նկատել տալով միաժամանակ, որ Իսրայէլ տակաւին կը տառապի պատերազմի եւ խաղաղութեան հարցէն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը շեշտեց, որ 2000-ին Լիբանան եւ Իսրայէլ հաւասարեցան, իսկ 2006-ին սկսաւ նոր հանգրուան մը` Իսրայէլի պարտութեան եւ փլուզման հանգրուանը:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Իսրայէլ 63 տարիէ ի վեր խաղաղութեան մասին կը խօսի, սակայն անկէ ոչինչ կ՛իրագործէ, որովհետեւ սիոնական գոյացութեան իշխանաւորները այլ ծրագիրներ կը հետապնդեն: «Այդ պատճառով ալ խաղաղութեան մասին իսրայէլեան յայտարարութիւնները մնայուն կերպով պիտի ըլլան գոց շրջանակի մէջ դարձող յայտարարութիւններ», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Ա. ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԸՐՐԻԻ

Յաջորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ՄԵՐԺԵԼԻ ԵՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.