Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Սուրիական Օդուժին Կողմէ Ռաքքայի Ռմբակոծումը

November 28, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1127_RaqqaՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի դատապարտեց «սուրիական վարչակարգի օդանաւերուն կողմէ անցեալ երեքշաբթի օր Ռաքքայի դէմ կատարուած օդային հարուածները, որոնք պատճառ դարձան տասնեակներով քաղաքայիններու սպանութեան եւ բնակութեան ամբողջ շրջանի մը քանդման»:

Փսաքի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Ասատի վարչակարգը կը շարունակէ մարդկային իրաւանց ու միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնահարումները»:

Փսաքի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է «սուրիական վարչակարգի օդանաւերուն կատարած օդային հարուածներու գործողութիւններով»` վստահեցնելով, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ սուրիական ընդդիմութեան աջակցութեան եւ սուրիական ճգնաժամին քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար աշխատանքին նկատմամբ:

1127_QatarՄիւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, որ Քաթար, Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ, գաղտնաբար կը մարզէ սուրիական չափաւորական ընդդիմութենէն զինեալներ: Ըստ աղբիւրներուն, մարզումներու ճամբարը կը գտնուի Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի հարաւը` սէուտական սահմանին  եւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան օդուժի մեծագոյն ռազմակայան Ատիտի մօտ:

Սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրներ յայտնեցին, որ մարզումի ենթարկուողները Սուրիական ազատ բանակի` հիւսիսային Սուրիայէն զինեալներ են, մարզումները սկսած են շուրջ մէկ տարի առաջ եւ կը տեւեն երկու-երեք ամիս, որմէ ետք զինեալներու նոր խմբակ մը կը ներկայանայ ճամբար, սակայն մարզումի ենթարկուածներուն զէնքեր չեն մատակարարուիր:

 

Նախորդը

Տոնեցքի Ժողովրդային Հանրապետութիւնը Կ՛ուզէ Մաս Կազմել Չճանչցուած Պետութիւններու Միութեան

Յաջորդը

Խամենէի. «Միացեալ Նահանգներ Առաջին Վնասուողը Պիտի Ըլլան, Եթէ Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Ձախողին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.