Կիպրոսի մէջ կը շարունակուին Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները:
20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող երկու ըմբիշներ` Նորայր Աւետիսեան եւ Յակոբ Մկրտիչեան, 77 քկ դասակարգին մէջ յաջորդաբար տիրացան արծաթ եւ պրոնզ մետալներու:


