Ուֆայի յետսապահ Տենիս Թումասեան «Ֆութպոլ-365»-ին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ 2 տարի առաջ Հայաստանի հաւաքական չգալու դրդապատճառներուն մասին:
Խօսելով Հայաստանի ազգային խումբին հետ խաղալու ցանկութեան մասին` 29 տարեկան ֆութպոլիստը ըսած է հետեւեալը. «Ես հաւաքականին կատարած ոչ մէկ մրցումէն բացակայած եմ: Շատ մեծ ապրումներ կ՛ունենամ խումբին համար, որ շատ մեծ ներուժ ունի, եւ կայքերէն միշտ կը հետեւիմ հայկական լուրերուն: Ո՞վ չի ցանկար հանդէս գալ այսպիսի խումբէ մը: Անգամ մը եւս ընդգծեմ, որ այն ատեն չեմ կրցած միանալ հաւաքականին` ակումբիս արգելքին պատճառով: Իմ չգալուս համար կ՛ուզեմ ներում հայցել համակիրներէն, խումբէն եւ ֆետերասիոնին նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանէն»:


