Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Երգարուեստի Առասպելը` Սապահ Ոչ Եւս Է

November 27, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1126_sabah10Լիբանանցի վաստակաւոր ու տաղանդաւոր երգչուհի Սապահ երէկ առաւօտեան մահացաւ 87 տարեկան հասակին:

Բուն անունով Ժանեթ Ժըրժի Ֆղալի: Ծնած է 10 նոյեմբեր 1927-ին, Պտատուն գիւղաքաղաքին մէջ:

Լիբանանի երգարուեստի աշխարհին մէջ Սապահ ծանօթ է իբրեւ «Շահրուրա», «Արաբական երգի արեգակը», «Արեգակներու արեգակ», «Առասպել», եւ այլն:

Սապահ լիբանանեան երգարուեստը եւ անոր ընդմէջէն լիբանանեան աւանդութիւններն ու սովորութիւնները աշխարհով մէկ տարածած դեսպան մը եղած է:

Ան իր հռչակը մնայուն կերպով առնչած է Լիբանանին եւ երկրին ազգային պարերն ու երգերը սփռած ամէնուր:

Սապահ աւելի քան երեք հազար երգերու տէր է. ան երգած է նաեւ եգիպտական ոճով, ինչպէս նաեւ ունեցած է դերասանական փորձառութիւններ` թատերական ելոյթներու եւ ֆիլմաշխարհի ընդմէջէն:

Սապահ երգած է արաբ մեծ երաժիշտներու, ինչպէս` Մոհամետ Ապտել Ուահապի, Զաքի Նասիֆի, Ռահպանի եղբայրներու, Թուֆիք Պաշայի, Պալիղ Համտիի, Ժամալ Սալամէի եւ այլոց յօրինած երգերը:

Սապահի հօրեղբայրը` բանաստեղծ Ասաատ Ֆղալի կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է անոր կեանքին մէջ: Տակաւին փոքր հասակին Սապահ յուզումով կը կարդար եւ կ՛երգէր իր հօրեղբօր ստեղծագործած տաղերը, եւ այս երեւոյթը իբրեւ նշոյլ կը ծառայէր գիտնալու համար, թէ երգարուեստի աշխարհին մէջ Սապահ պիտի դառնար փայլուն աստղ մը:

Սապահի նշանաւոր երգերէն են «Եանա, եանա», «Այնի եա այնի», «Մըժաուազ ալլա եզիտօ», «Սաաթ սաաթ», «Ալտայաա, Ալտայաա», «Ալօ, ալօ, ալօ Պէյրութ», «Ալպասաթա, ալպասաթա» եւ այլ երգեր:

1943-ին Սապահ մուտք գործած է եգիպտական ֆիլմաշխարհ եւ ունի աւելի քան 85 ժապաւէն` եգիպտացի հռչակաւոր դերասաններու հետ:

Սապահի մահը գուժեցին մեծ թիւով արուեստագէտներ եւ պետական անձնաւորութիւններ:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ խոր ցաւով գուժեց Սապահի մահը` շեշտելով, որ լիբանանեան երգարուեստի առասպելին կորուստով կը փակուի Լիբանանի մշակութային պատմութեան փայլուն էջերէն մէկը:

Սալամ շեշտեց, որ լիբանանցիին մխիթարութիւնը այն է, որ Սապահ իր արուեստին ընդմէջէն յաւիտեան պիտի ապրի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ գուժեց Սապահի մահը` նշելով, որ անոր կորուստով կը կորսուի Լիբանանի գեղեցիկ անցեալը:

Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ Սապահի մահուան առիթով Ազգային սուգի օր յայտարարուի Լիբանանի մէջ:

Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր կարգին գուժեց Սապահի մահը, եւ Ասատի անունով Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի ցաւակցութիւն յայտնեց Սապահի հարազատներուն:

Նշենք, որ նախքան իր մահանալը, Սապահ իր երկրպագուներուն ձգած էր կտակ մը, որուն մէջ ան խնդրած էր բոլորէն իր մահը սուգի առիթի չվերածել, այլ` տօնակատարութեան, որովհետեւ ինք իր ամբողջ կեանքին ընթացքին փորձած է ուրախացնել բոլորը:

Սապահի մահուան առիթով պիտի կատարուի պաշտօնական եւ ժողովրդային թաղում: Մեծ երգչուհիին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 30 նոյեմբեր 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ:

Նախորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կը Սպառնան Վաղն Իսկ Մագլցողական Քայլերու Դիմել

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Ցեղասպանութեան Հարցը Ամերիկեան Օրէնսդիր Մարմիններու Օրակարգ Բերելը Պիտի Ազդէ Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Վրայ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.