«Ազդակ»-ի ամանորեան բացառիկին համար մեր թերթի աշխատակազմը լծուած է հաւաքական համակարգուած աշխատանքի: Աշխատակցելու նամակ-հրաւէրներ ուղղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Լիբանանի եւ միջինարեւելեան երկիրներու մեր աշխատակիցներուն: Յօդուածներու դասակարգում, խմբագրում, լեզուական սրբագրութիւններ, գրաշարութիւն, վերստուգման սրբագրութիւններ: Տակաւին այս փուլին մէջ է աշխատանքը` իբրեւ սկզբնաւորութիւն: Պիտի հետեւի անշուշտ լուսանկարներու ընտրութեան, էջադրումի եւ հրատարակութեան յանձնումի փուլը:
Թէեւ խմբագրութիւնը 2015-ի ապրիլեան բացառիկի ծրագիրը` յատկացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, կը պահէ ի զօրու, այսուհանդերձ պարզ կը դառնայ, որ ամանորեան բացառիկը, իբրեւ տարին սկսող յատուկ համար, կարեւոր շեշտադրութեամբ բաժին պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած խորհուրդներուն:
Զուիցերիայէն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան զօրակցելով հայ մամուլի առաքելութեան կը շարունակեն քաջալերել «Ազդակ»-ի ծրագիրները եւ ընկալեալ սովորութեամբ կը հովանաւորեն «Ազդակ-2015»-ը: «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պէզիքեան ընտանիքին:


