Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1964)

November 27, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Երգի – Պարի
Անսամպլին Առաջին Ելոյթը

Երէկ գիշեր սինեմա «Ռիվոլի»-ի բեմը երգի, պարի ու երանգի կախարդանքով առինքնեց խուռներամ բազմութիւնը, որ գացած էր ներկայ գտնուելու Հայաստանի երգի-պարի անսամպլի առաջին ելոյթին:

Վաստակաւոր արուեստագէտ Թաթուլ Ալթունեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, հռչակաւոր անսամպլը, զոր առիթ ունեցած էինք ծափահարելու մօտ հինգ տարի առաջ, այս անգամ եւս հին ու նոր ուժերով տուաւ վկայութիւնը իր համբաւին` հայկական երգի ու պարի գեղեցկութիւնը փոխանցելով հասարակութեան:

Բոլոր պարերն ու խմբերգները բծախնդրօրէն ուսումնասիրուած էին ու տրուեցան արուեստով: Մասնաւորաբար գնահատուեցան անմրցելին Լուսիկ Քոշեան («Մեքենան եկաւ» եւ «Թէք տանէին տանէին»), Վարդուհի Խաչատուրեան («Կռունկ»), Աստղիկ Քամալեան («Հարսի գանգատը» եւ «Խանդոտ կինը»), Վաղարշակ Մամիկոնեան («Սիւնեաց սարեր») ու յատկապէս` Հենրիկ Ալլահվերտեան («Հոր-հոր աղայի երգը»):

Պարերու բաժնին մէջ նկատելի էր թարմագեղ երիտասարդութեան տիրապետութիւնը: Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պարը» (մենակատարութեամբ Այտա Յարութիւնեանի) խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին:

Գրեթէ բոլոր պարերն ու երգերը արժանացան պիսերու եւ կրկնուեցան:

Առաջին ելոյթին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ:

«Արարատ» Ֆութպոլի
Խումբը Պէյրութի Մէջ

Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբը Պէյրութ ժամանեց երէկ իրիկուն` երեք մրցումներ ունենալու համար: Խումբը կը բաղկանայ 22 անդամներէ, որոնք իջան «Լործ» պանդոկը:

«Արարատ» իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի ՀՄՄ-ի դէմ:

Ամերիկայի Առաջին Հայ Բարձրագոյն
Վարժարանի Մասին Զեկուցման Հաւաքոյթ

Չորեքշաբթի, 18 նոյեմբեր 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին բոլոր անոնք, որոնք Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքի Սան Ֆեռնանտօ հովիտին մէջ բացուած ամերիկահայ առաջին բարձրագոյն վարժարանին ի նպաստ խոստմնաքարտեր ստորագրել տալու աշխատանք էին տարած:

Ներկաները հիւրասիրուեցան թէյով ու կարկանդակով:

Հրաչ Տասնապետեան, յանուն Պէյրութի օժանդակ յանձնախումբին, զեկուցում տուաւ` յայտնելով, որ` «Արդէն իսկ մեր երազը իրականութիւն դարձած է: Լոս Անճելըսի Սան Ֆեռնանտօ հովիտի շրջանին մէջ Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի տնօրէնութեամբ, երկու դասարաններով, կեանքի կոչուած է ամերիկահայ առաջին բարձրագոյն վարժարանը: Նոյնպէս ուրախալի պարագայ մըն է նոյն քաղաքի հայաշատ մէկ թաղամասին մէջ սկսուած աշխատանքը Մեսրոպեան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի շինութեան: Սոյն երկու կրթական հաստատութիւնները կոչուած են իրարու լրացուցիչները ըլլալու:

«Ամերիկայէն ստացուած լիազօրագրի հիման վրայ, Պէյրութի մէջ յանձնախումբս իր օժանդակ անդամներուն միջոցով սկսած է խոստումներու գանձումին եւ ցարդ ուղարկած է տասը հազար լիբ. ոսկի»:

Երախտագիտութեամբ յիշատակեց ազգային բարերար Միսաք Ազիրեանը, որ հինգ հազար լիբ. ոսկի խոստացած է, ապա բեմ հրաւիրեց Գուրգէն Խանճեանը` յայտնելով, թէ նոր վերադարձած է ան Ամերիկայէն, ամերիկահայ առաջին բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան համար այնտեղ շատ օգտակար աշխատանքներ կատարելէ ետք: Մասնաւորաբար իր ջանքերուն շնորհիւ Հայ օգնութեան միութիւնը տրամադրած է քսանհինգ հազար տոլար ամերիկահայ առաջին բարձրագոյն վարժարանին, Գուրգէն Խանճեան յայտնեց, թէ երջանկութիւնը ունեցած ըլլալով հանդիսատես ըլլալու Լոս Անճելըսի հայ բարձրագոյն վարժարանին կեանքի կոչուելուն, կ՛ուզէ ներկաներն ալ մասնակից ընել իր ուրախութեան:

«Այս երազին իրականացումը եթէ մեծ մասամբ կը պարտինք սիրելի Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի անխոնջ ճիգին, ինչպէս նաեւ` իր հեռու եւ մօտիկ բոլոր գործակիցներուն, որոնց մէջ արդար հպարտութեամբ պատուոյ տեղ կը գրաւեն Լոս Անճելըսի Սան Ֆեռնանտօ հովիտի եկեղեցիին հոգաբարձութեան անդամները, տալով վճռական որոշում մը, որուն շնորհիւ կեանքի կոչուեցաւ վարժարանը:

«Վարժարանը նախ սկսաւ 17 աշակերտներով, հետագային բարձրացաւ 19-ի, իսկ քանի մը օր առաջ ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ սրբազան վեհափառ Խորէն կաթողիկոսին նամակով մը տեղեկացուցած է, թէ աշակերտութեան թիւը 20-ը անցած է:

«Վարժարանի բացումէն երկու շաբաթ ետք տեղի ունեցաւ ծնողական ժողով, ուր ծնողները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Ամերիկայի բազմաթիւ շրջաններէն կը ստացուին նամակներ ամերիկահայերէ, որոնք կը փափաքին շուտով բացուած տեսնել գիշերօթիկ բաժին մը` իրենց զաւակները կարենալ ուղարկելու համար: Եթէ նիւթականը ապահովուի, այդ եւս շուտով իրականութիւն կը դառնայ:

«Ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ 14 որակաւոր ուսուցիչներէ (մեծ մասը այցելու` առ այժմ), որոնք բծախնդրութեամբ ընտրուած են բազմաթիւ դիմողներու մէջէն:

«Պէյրութի օժանդակ յանձնախումբին աշխատանքը չէ վերջացած եւ պիտի շարունակենք զայն նոր եռանդով մինչեւ ամրապնդուի Ամերիկահայ առաջին բարձրագոյն վարժարանը եւ ուրիշներ ալ յաջորդեն անոր»:

Ներկաները բաժնուեցան խոր գոհունակութեամբ եւ իրենց ճիգերը կրկնապատկելու խոստումով:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գիրնալու 8 Պատճառ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.