Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՈՐՎԵԿԻԱՆ ՀԱԿԱԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽ. ԶՈՅԳ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱՒ 93-Ի

July 25, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երիտասարդական ճամբարին մէջ սպանդը գործած կասկածելին

Մինչ հազարաւոր նորվեկիացիներ երէկ Օսլոյի Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեցին Նորվեկիոյ զոյգ յարձակումներուն զոհուած 93 զոհերուն յիշատակին, շաբաթավերջին ի յայտ եկան դէպքին դրդապատճառները մասամբ բացայայտող մանրամասնութիւններ:

Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կառավարական շէնքերուն մօտ պատահած պայթումին զոհերուն թիւը բարձրացաւ ութի: Արձանագրուեցան 29  վիրաւորներ: Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ փնտռտուքը անյայտ կորսուածներու: Նախնական տուեալներու համաձայն, պայթումը կատարուած է ականուած ինքնաշարժով մը: Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ զոյգ գործողութիւններուն գլխաւոր կասկածելին` ունենալով իրաւունքը իր ագարակին համար գնելու պարարտացուցիչ նիւթեր, ամիսներ առաջ նորվեկիական երկրագործական ընկերութենէ մը գնած էր վեց թոն պարարտացուցիչ նիւթ, որ շատ հաւանաբար գործածուած է պայթումին համար` տրուած ըլլալով, որ այդ պարարտացուցիչը կը պարունակէ պայթուցիկ նիւթեր:

Յարձակումի պահէն տեսարան մը

Միւս կողմէ, Օսլոյի պայթումէն անմիջապէս ետք, մայրաքաղաքէն 40  քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ութոյա կղզիին վրայ կատարուած յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացաւ 85-ի: Կղզիին մէջ տեղի կ՛ունենար իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան տարեկան երիտասարդական ճամբարը, երբ ոստիկանի տարազով կասկածելին ժամանած էր բանակավայր եւ իր շուրջը հաւաքած երիտասարդները` անոնց տեղեկացնելու համար Օսլոյի մէջ կատարուած պայթումին մասին: Երիտասարդները իր շուրջ համախմբելէ ետք, յանցագործը կրակ բացած էր անոնց վրայ` ըսելով, որ բոլորին պիտի սպաննէ:

Վերապրողներուն վկայութիւններուն համաձայն, յանցագործը, որ իր հետ ունէր ատրճանակ մը եւ գնդացիր մը, կրակ բացած էր նոյնիսկ լողալով փախչիլ փորձող երիտասարդներուն վրայ:

Նշենք, որ յարձակումը պատճառած է աւելի քան 70 վիրաւորներ: Երիտասարդական ճամբարին կը մասնակցէին 15-էն 22 տարեկան շուրջ 700  պատանիներ եւ երիտասարդներ:

ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՑ
ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆ

Դէպքին վայրը ուշացումով հասած ապահովական ուժերը ձերբակալեցին զոյգ յարձակումներուն գլխաւոր կասկածելին, որ աւելի ուշ խոստովանեցաւ իր ոճիրը:

Հակաիսլամական գաղափարներով ծայրայեղ աջակողմեան Անտերս Պեհրինկ Պրիվիքը զոյգ գործողութիւններէն առաջ հրապարակած էր «2083 – Անկախութեան եւրոպական յայտարարութիւն» խորագիրով մանիֆեսթ մը: 1517 էջերէ բաղկացած մանիֆեսթին մէջ 32-ամեայ երիտասարդը կը խօսի Եւրոպայի բազմամշակութային նկարագիրին եւ անոր ունենալիք բացասական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ գործողութիւններուն ծրագրումին, ռումբի պատրաստութեան եւ իր համոզումներուն մասին:

«Եւրոպայի դիմագրաւած հարցերուն հիմնական պատճառը մշակութային ինքնավստահութեան (ազգայնականութեան) պակասն է: Շատեր կը վախնան ազգայնական քաղաքական վարդապետութիւններէն` կարծելով, որ անոնք ծնունդ պիտի տան նոր հիթլերներու: Ազգայնական վարդապետութիւններուն նկատմամբ անիմաստ վախը կ՛արգիլէ մեզ կասեցնելու մեր ազգային-մշակութային անձնասպանութիւնը, մինչ իսլամական գաղութատիրութիւնը տարուէ տարի կ՛ընդլայնի: Կարելի չէ պարտութեան մատնել իսլամականացումը կամ կասեցնել իսլամական գաղութատիրութիւնը, եթէ չհեռացուին բազմամշակութային եւ մշակութային մարքսականութիւն քարոզող քաղաքական վարդապետութիւնները:

«Թէեւ կը խոստովանիմ, որ ներկայ զարգացումները զզուելի են, բայց Եւրոպային, եւրոպական մշակոյթին եւ եւրոպացիներուն նկատմամբ իմ սէրս ինծի կը մղէ այս գործողութիւնը կատարելու: Ասիկա չի նշանակեր, որ դէմ եմ բազմազանութեան: Բայց բազմազանութեան գնահատումը չի նշանակեր նեցուկ կանգնիլ սեփական մշակոյթին եւ ժողովուրդին ցեղասպանութեան:

«Ներում մի՛ հայցէք, պատճառաբանութիւններ մի՛ գտնէք, մի՛ զղջաք ձեր ըրածին համար, որովհետեւ ձեր կատարածը ինքնապաշտպանութիւն է: Անմեղներ զոհ պիտի երթան մեր գործողութիւններուն, պարզապէս որովհետեւ սխալ պահու սխալ վայրի մէջ պիտի գտնուին: Բայց պէտք է հաշտուիլ գաղափարին հետ: Շատերու պահանջները միշտ պիտի գերազանցեն քիչերուն պահանջները», կը գրէ Պրիվիք:

«Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ, Պրիվիք իր միակ յղումով մէջբերած էր անգլիացի փիլիսոփայ Ճոն Սթիուըրթ Միլի մէկ խօսքը` «Գաղափարապաշտ անձ մը հաւասար է միայն հետաքրքրութիւններ ունեցող 100 հազար մարդու»:

ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱԼԻՔ

Շաբաթավերջին Նորվեկիոյ թագաւոր Հարոլտ Ե. Նորվեկիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանէն ժողովուրդին փոխանցած իր ուղերձին մէջ խստիւ դատապարտեց «ահռելի» յարձակումները, որոնք ցնցեցին ամբողջ աշխարհը: Ան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն: «Ներկայիս պէտք է միասնակամ ըլլանք եւ թոյլ չտանք, որ վախը տապալէ մեզ», ըսաւ ան:

Մինչ Նորվեկիոյ յարձակումները հանրային կարծիքին կողմէ արժանացան համաշխարհային դատապարտումի, մեծ պետութիւններու ղեկավարները փութացին դէպքին նկատմամբ իրենց դատապարտումը եւ Նորվեկիոյ ժողովուրդին ու զոհերու ընտանիքներուն իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Նորվեկիոյ ժողովուրդին` ըսել, որ Նորվեկիոյ դէպքերը յաւելեալ փաստ մըն են, որ ամբողջ միջազգային ընտանիքը իր դերակատարութիւնը ունի այսպիսի ահաբեկչական գործողութիւններ կանխարգիլելու աշխատանքին մէջ: «Պէտք է բոլորս համագործակցինք դէմ դնելու համար այսպիսի ահաւոր յարձակումներու», ըսաւ Օպամա:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր դատապարտանքը յայտնեց Օսլոյի մէջ պատահածին առնչութեամբ` միաժամանակ իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն: «ՄԱԿ-ը այսպիսի ծանր պայմաններու մէջ Նորվեկիոյ ժողովուրդին կողքին է», վստահեցուց Քի Մուն:

Եւրոպական ընտանիքը նոյնպէս իր զօրակցութիւնը յայտնեց նորվեկիացիներուն: Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ «Բոլորս նորվեկիացիներ ենք» յղումով Նորվեկիոյ ժողովուրդի նկատմամբ զօրակցութեան կոչ ուղղեց: Իրենց կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերուն, Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել եւ այլ երկիրներու նախագահներ իրենց պոռթկումը արտայայտեցին պատահածին գծով:

Պենետիկտոս ԺԶ. պապը նոյնպէս դատապարտեց յարձակումները` կոչ ուղղելով հրաժարելու ատելութենէն եւ միասնակամ աշխատելու, որպէսզի յաջորդ սերունդներու համար ապահովուին փոխադարձ յարգանքն ու ազատութիւններ:

Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին ցաւակցագիր մը յղած է Նորվեկիոյ թագաւորին եւ վարչապետին` փոխանցելով հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը Նորվեկիոյ ժողովուրդին եւ կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին պայքարելու ամէն տեսակի անհանդուրժողականութեան դէմ:

 

 

 

Նախորդը

ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՉՄԵԿՈՒՍԱՑՆԵԼՈՒ ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱՆ

Յաջորդը

«ԱՍՊԵՏ» ՌԱԶՄԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ` 16 ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.