Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Իրանի Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Կը Պահանջեն, Օպամա Կը Մերժէ

November 26, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1125_CongressՄիացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Օպամայի վարչակարգին զգուշացուց, որ մտադիր է վեթոյի ենթարկել Իրանի հետ վերջնական համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ մտնելու համար Ծերակոյտի վաւերացման կը կարօտի: Ծերակուտականները Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որդեգրումը պահանջեցին` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ներկայացնելով զեկուցում մը, որ ստորագրուած էր Ծերակոյտի անդամներուն շուրջ կէսին կողմէ: Անոնք խոստացան մերժել «վատ ու վտանգաւոր համաձայնութիւն» մը:

Զեկուցումը ստորագրած էին բոլոր հանրապետական ծերակուտականները, որոնց թիւը 43 է:

«Այժմ աւելի քան երբեւէ կարեւոր է, որ Քոնկրեսը սահմանէ պատժամիջոցներ, որոնք Իրանի մէջ մոլլաներուն այլընտրանք պիտի չձգեն, բացի իրենց անօրինական հիւլէական զէնքի կազմալուծումէն», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ, որ տարածուած է հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրքի կողմէ:

Ան նշած է. «Քոնկրեսը այլեւս ժամանակ պիտի չյատկացնէ Իրանին` հիւլէական ռումբ պատրաստելու համար»:

Ծերակուտականներ Ճոն ՄքՔէյն, Լինտսի Կրեհեմ եւ Քելի Այոթ եւս կը զօրակցին բանակցութիւններու ընթացքին Իրանի դէմ պատժամիջոցներու խստացման` ընդգծելով, որ «Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ուղարկուի Քոնկրես` հաստատման համար»:

Օպամա մերժեց Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու առաջարկը:

Նախորդը

«Ամերիկա Եւ Արեւմտեան Պետութիւնները Իրենց Ամբողջ Ներուժը Օգտագործեցին, Սակայն Չկրցան Ծունկի Բերել Իրանը» Ըսաւ Խամենէի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.