Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի 23 նոյեմբերին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հեծելարշաւի շրջավազք մը (մեծեր եւ կրտսերներ)` մասնակցութեամբ 32 հեծելանւորդներու:
Շրջավազքին ընդհանուր երկարութիւնն էր 43,2 քմ (9 անգամ դառնալ` նոյն շրջանին մէջ):
Մասթըրզի մրցումներուն պարագային առաջին դիրքը գրաւեց Քարիմ Իտ, ապա յաջորդաբար` Ռաֆիք Իտ (Շեպիպեթ Սալաաթա) եւ Ուիլիամ Մասաատ (Ամալ Պիքֆայա):
Իսկ ինչ կը վերաբերի կրտսերներու մրցաշարքին, ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մաս կազմող Բեկոր Եագուպեան տիրացաւ տիտղոսին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մուքարրամ Մաթթա եւ Հատի Ֆըտտա: 4-րդ հանդիսացաւ Յակոբ Մանուէլեան:
Վերոնշեալ երկու դասակարգերէն բացի, տեղի ունեցաւ նաեւ մեծերու մրցում մըն ալ (58 քմ), որուն առաջին դիրքը գրաւեց Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ Պէյրութ), ապա յաջորդաբար` Զահեր Հաժ (Աթլեթիքօ) եւ Քամալ Շաապան (Շեպիպեթ Սալաաթա):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան:
Այս առիթով իրենց մրցանակները ստացան նաեւ Ծատուրեան եղբայրներուն նուիրուած կրտսերներու մրցաշարքին տիտղոսակիրները` հետեւեալ ձեւով. Յակոբ Մանուէլեան` առաջին, Եուսեֆ Մրատ (2-րդ) եւ Մուքարրամ Մաթթա (3-րդ):
Բոլոր հեծելանւորդները յիշատակի նկար մը լուսանկարուելէ ետք այս տարեշրջանին իրենց ելոյթները աւարտեցին` սպասելով 2013-2014 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ դեկտեմբերին:


