Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց իր մասին Հարիրիի ունեցած վերջին հարցազրոյցին ընթացքին վերջինիս կատարած յայտարարութիւններուն համար:
«Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ինք Հարիրիէն լսած է բաւական ազդեցիկ խօսքեր եւ պատասխաններ, զորս կ՛ուզէ միայն ինքն իրեն պահել:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ վերահաստատեց իր առաջարկը, որուն հիման վրայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Սաատ Հարիրիի միջեւ պէտք է հանդիպում մը կայացնել, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ միւսը ջնջել:
Ժոմպլաթ դրուատեց հանրապետութեան նախագահին` ազգային երկխօսութիւնը վերաշխուժացնելու առաջարկը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքի սկիզբը, պայմանաւ որ անիկա ոխակալ քաղաքականութիւն մը չգործադրէ:


