
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հարցի չլուծուելուն պատճառը Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիմակայութիւնն է: Ան յիշեցուցած է, որ վերջին շրջանին Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւնները դարձեալ սրած են:
«Ինչո՞ւ ղարաբաղեան հարցը չի լուծուիր: Որովհետեւ գոյութիւն ունի Ռուսիա-Արեւմուտք դիմակայութիւն: Ռուսիան ու Արեւմուտքը պէտք է դասեր քաղեն անցեալէն եւ հասկնան, թէ ինչի՛ կրնայ յանգեցնել «պաղ պատերազմ»-ը», յայտարարած է Չաւուշօղլու:
Ան նշած է, որ թէեւ Պերլինի պատը փլուզուած է, սակայն քարերը տակաւին իրենց տեղերը չեն գտած եւ մարդոց գիտակցութեան մէջ տակաւին քանդուած չեն: «Պաղ պատերազմը» տակաւին կը շարունակուի գիտակցութիւններուն մէջ: Վերջին շրջանին ատիկա աւելի զգալի է: Ռուսիա Խրիմի բռնակցումին համար օրինական պատճառներ չի ներկայացներ», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:


