Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը Արաբ Բունարի քաղաքապետարանին եւ քաղաքի կեդրոնի շրջանին մէջ կատարած են տեսակարար գործողութիւն մը, որուն ընթացքին յաջողած են վերահսկողութիւն հաստատել վեց շէնքերու վրայ, ուր ամրապնդուած դիրքեր ունէին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:
Դիտարանը նշեց, որ նշեալ գործողութեան ընթացքին սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի 13 զինեալներ, իսկ քիւրտ զինեալները յաջողած են գրաւել մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, որոնց շարքին` նռնականետեր, թեթեւ զէնքեր, արձակազինութեան զէնքեր եւ ծանր գնդացիրներու յատուկ հազարաւոր փամփուշտներ:


