Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին միջնապահ Զինետին Զիտանի որդին` Էնզօ Զիտան, նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց արքայական ակումբին երիտասարդական խումբին հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Էնզոն դաշտ ներկայացաւ «Սեկունտա Բ.»-ի ախոյեանութեան, Քոնքենսէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 88-րդ վայրկեանին, աւարտին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը տօնելով իր կազմին հետ:
Արձանագրուած այս յաղթանակէն ետք Զինետին Զիտանի գլխաւորած Ռէալ Քասթիան բարձրացաւ ընդհանուր դասաւորման 6-րդ դիրքը:


