Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԹԷ ՊԱՔՈՒ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԸ, 15 ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ՊԻՏԻ ՃԱՆՉՆԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

July 23, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Հասանով

«Ազրպէյճան կը գիտակցի Թուրքիոյ համար կիպրական հարցին կարեւորութեան, բայց մտահոգ է Հիւսիսային Կիպրոսի անկախութիւնը ճանչնալու հետեւանքներէն, որոնք կրնան ծագիլ ներքին ճակատին վրայ», ըսաւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով` Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

«Թուրքերը թող չկարծեն, որ հարցը նուազ կարեւոր է մեզի համար: Թրքական իշխանութիւնները լաւ կը գիտակցին, որ եթէ Ազրպէյճան ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի անկախ պետութիւնը, 15 այլ պետութիւններ պիտի ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը», մտահոգութիւն յայտնեց Հասանով` աւելցնելով, որ Թուրքիա իրաւունք ունի Ազրպէյճանէն ճանաչում ակնկալելու, սակայն Ղարաբաղի հարցը արգելք կը հանդիսանայ ազրպէյճանցիներուն` ճանչնալու Հիւսիսային Կիպրոսի անկախութիւնը:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` Ազրպէյճանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ մինչեւ 2001 ան կը կարծէր, թէ Ղարաբաղի խնդիրը ժամանակի հարց է եւ թէ ժամանակը ի նպաստ Ազրպէյճանին է: «Սակայն այսօր այլ կարծիքի եմ: Ժամանակի ընթացքին խնդիրը խորացած է: Ժամանակը միայն տնտեսական իմաստով ի նպաստ մեզի է, մինչդեռ քաղաքական իմաստով` ի վնաս մեզի», ըսաւ Հասանով:

Ազրպէյճանի վարչապետը եզրակացուց ըսելով, որ Պաքու բանակցելու սիրոյն միայն կը բանակցի Երեւանի հետ, «որպէսզի չըսուի, թէ Ազրպէյճան հակաժողովրդավարական երկիր է»:

Հասանով նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ այցեգիրերու դրութեան վերացման եւ բնական կազի վաճառման: Ան ըսաւ, թէ Ազրպէյճան թեքնիք պատճառներով տակաւին պատրաստ չէ ջնջելու այցեգիրերու դրութիւնը Թուրքիոյ հետ: Ան նաեւ հերքեց այն տեղեկութիւնները, որոնց հիման վրայ Ազրպէյճան բնական կազի  հարցով աւելի բարեացակամ կը գտնուի Ռուսիոյ նկատմամբ, քան Թուրքիոյ` վստահեցնելով, որ Պաքու պատրաստ է Անգարային տալու անոր պահանջած քանակը, սակայն պատրաստ չէ զեղչեր կատարելու:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՐՈԼԱՅՆ ՔՈՔՍԸ

Յաջորդը

«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՇԹԵՖԱՆ ՖԻՒԼԷ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.