«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Այտըն համալսարանին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած է Հայկական հարցին նուիրուած «Հայկական հարցի ճիշդն ու սխալը» խորագիրով խորհրդաժողով մը:
Արդէն այդ քննարկումին նուիրուած նիւթը իբրեւ գովազդային էջ տեղադրուած է Թուրքիոյ առաւելագոյն տպաքանակ ունեցող թերթերուն մէջ` գրաւելով ամբողջ էջ մը: Այդ մէկը ընելու համար կազմակերպիչները շատ մեծ գումարներ ծախսած են:
Հակահայկական բնոյթ ունեցող այս խորհրդաժողովի բանախօսներուն մեծ մասը ծագումով ազրպէյճանցի գիտնականներ եղած են:
Խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք առած է նաեւ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ նշած է, թէ 1915-ը իրաւական տեսանկիւնէ ճիշդ էր, եւ հայերը այդ ժամանակ վտանգաւոր ըլլալու պատճառաբանութեամբ տեղափոխուած են այլ շրջաններ: Ան յայտարարած է, որ «տեղահանութիւնը սփիւռքի եւ հայկական եկեղեցւոյ հնարած սուտն է»: Երեսփոխանին հաւաստումով` այդ ընթացքին ընդամէնը 1673 հոգիի սեփականութիւնը յափշտակուած է:
Ազրպէյճանցի մասնագէտներն ալ շարունակած են թուրք երեսփոխանին խօսքը` նշելով, որ Հայկական հարցը իրականութեան մէջ մտացածին է, եւ անոր ետին Ռուսիան, Ֆրանսան, Բրիտանիան ու Միացեալ Նահանգները կրնան կանգնած ըլլալ:
Խորհրդաժողովի մասնագէտները այս ձեւով կ՛ուզեն ուսանողներուն աւելի «ընդգրկուն եւ առարկայական» տեղեկութիւններ հաղորդել:


