Սահմանադրական դատարանը երէկ գրաւոր ընթացակարգով քննեց Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու մասին համաձայնագիրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններուն` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ գործը: 40 էջէ բաղկացած որոշումին մէջ Սահմանադրական դատարանը անդրադարձաւ համաձայնագիրով Հայաստանի կողմէ ստանձնուելիք պարտականութիւններու` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան դրոյթներուն համապատասխանութեան հարցը եւ որոշեց, որ անոնք հակասութեան մէջ չեն գտնուիր: Սակայն Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացումով, ներպետական շուրջ 20 օրէնքներու մէջ պէտք է փոփոխութիւններ կատարուին` զանոնք համապատասխան դարձնելու համար Եւրասիական տնտեսական միութեան օրէնսդրութեան:
Այսպիսով, Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ վերոյիշեալ համաձայնագիրը չի հակասեր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, եւ որոշումը վերջնական է եւ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահուն: «Երկիր»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումի հրապարակումէն ետք դահլիճին մէջ ներկայ մարդիկ սկսան հետեւեալ կարգախօսերը արձակել. «Ամօթ» եւ «Կեցցէ Խորհրդային Միութիւնը»:


