
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց այդ ուժերուն առաքելութիւնն ու հարաւի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան փոխհրամանատար զօր. Մարք Ֆոքսը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ ամերիկեան այս պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան ու ամերիկեան բանակներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան հեռանկարները:


