Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ քաղաքական խորհրդաժողովի մը` ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի հրաւէրին:
Պասիլ իրեն հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տարաւ յատուկ նուէր մը` հազար սնտուկ լիբանանեան խնձոր` երկրին զանազան էմիրութիւններու կառավարիչներուն, քաջալերելու համար լիբանանեան խնձորի արտադրութիւնն ու անոր արտածման քայլերը:
Նշենք, որ Պասիլ վաղը` կիրակի, 16 նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ լիբանանեան գաղութին հետ, իսկ կիրակի երեկոյեան` Տուպայի մէջ գտնուող արտերկրի լիբանանցիներուն հետ:
Կը նախատեսուի, որ Պասիլ մաս կազմէ վարչապետ Թամմամ Սալամի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան, որ երկուշաբթի, 17 նոյեմբերին պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:


