Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Պատմականօրէն Եգիպտոս Լիբանանին Բարեկամ Երկիր Է Եւ Մեծ Եղբայր` Անոր Եւ Բոլոր Արաբներուն»

November 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք - Շուքրի հանդիպումէն պահ մը
Մաշնուք – Շուքրի հանդիպումէն պահ մը

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ` ներկայութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, բարձրաստիճան զինուորականներու, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալետ Զիատէի:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ Շուքրի յայտնած է Եգիպտոսի կառավարութեան փափաքը` մնայուն կերպով օժանդակելու Լիբանանին եւ աշխատելու դրական կէտերուն վրայ: «Ան շեշտեց նաեւ Լիբանան այցելելու կարեւորութիւնը», աւելցուց Մաշնուք:

Մաշնուք յայտնեց, որ Եգիպտոս կատարուած այցելութիւնը շատ լաւ է, երկխօսութիւնը մնայուն եւ աշխուժ, իսկ գործակցութիւնը` հին եւ շարունակական: «Պատմականօրէն Եգիպտոս Լիբանանին բարեկամ երկիր է եւ մեծ եղբայր` անոր եւ բոլոր արաբներուն», շեշտեց Մաշնուք:

Մաշնուք Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ: Շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն շուրջ փոխանակուեցան տեսակէտներ:

Լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին, Ազհարի իմամին եւ  Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնին հետ իր ունեցած հանդիպումները ձգած են այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ Ազհարի եւ լիբանանեան հոգեւոր կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի, որովհետեւ այս հանգրուանին Լիբանան կարիքը ունի ծայրայեղութեան դէմ պայքարին եւ չափաւորականութեան:

Նախորդը

Ժոմպլաթ – Ուահապ Հանդիպում

Յաջորդը

Չեխիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛այցելէ Լիբանան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.