
Իրանի խորհրդարանին մէջ ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի հաստատեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն ստացած է նամակ մը` աւելցնելով, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ այդպիսի նամակ յղուած է:
Պորուժերտի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Օպամային նամակը կը վերաբերի Իրանի հիւլէական ծրագիրին եւ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարին: Ան նշեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին, եւ եթէ ձախողին, այդ մէկը պիտի յայտարարուի:


