
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ կան դրական նախանշաններ, թէ Լիբանանի ներքին պայմանները կրնան քաջալերել քաղաքական ուժերը` հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու առումով:
Խազեն յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտած են առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու ճիգերը բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէ, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առաջնահերթութիւնը:
Այն Թինէ այցելեց նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:


