Լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան Արսալի մէջ վնասազերծեց երեք քիլոկրամ կշռող ական մը, որ կը գտնուէր հանրային փոխադրութեան նպատակով օգտագործուող փոխադրակառքի մը վարորդին աթոռին տակ:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան փախստական ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պիտի բացայայտուի, թէ ո՛վ ծախած է Թրիփոլիի սիւննի համայնքի երիտասարդները եւ բացայայտած ու պետութեան յանձնած անոնց զէնքերը:
ՆՇԵՆՔ, որ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել շեշտեց, որ Լիբանան եւ լիբանանեան բանակը կարիքը ունին իրանեան նուիրատուութեան` աւելցնելով, որ ինք այդ իմաստով մտահոգ է, որովհետեւ կարգ մը նախարարներ պիտի մերժեն այդ նուիրատուութիւնը:


