
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարուեցաւ:


