Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

July 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի կը նախագահէ Զբօսաշրջութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Զբօսաշրջութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին զբօսաշրջութեան առնչուած բոլոր նախարարութիւններուն անհրաժեշտ ջանքերը տանելու, որպէսզի երկրին զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճի, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ  զբօսաշրջական եղանակին սկիզբը բաւական քաջալերական է:

Միքաթի շեշտեց, որ երկրին մէջ գործող բոլոր վարչութիւնները պէտք է պատրաստ ըլլան ծառայելու այս կարեւոր եղանակին, ինչպէս նաեւ պէտք է բծախնդրութեամբ հետեւին երկրին մէջ օրինական ընթացքի գործադրութեան:

Նիստին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի:

Նիստէն բացակայեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ այս նիստին նպատակն է շեշտել, որ կառավարութիւնը մեծ խնամքով կը հետեւի երկրին զբօսաշրջութեան մարզին բարելաւման եւ խիստ կը շեշտէ անոր կարեւորութիւնը:

Միքաթի դիտել տուաւ, որ այս նիստը պիտի նպաստէ, որ տարբեր նախարարութիւններ զբօսաշրջութեան մարզը բարելաւելու ռազմավարութիւն մը մշակեն:

Միքաթի ընդունեց նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին` Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակումին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ֆընէյշ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ ոխակալութենէ եւ վրէժխնդրութենէ հեռու մնալու, ինչպէս նաեւ իբրեւ հիմնական չափանիշ անձերու ատակութեան ու կարողութիւններուն վրայ կեդրոնանալու:

Վարչապետին այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց, ջուրերու, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի:

Հանդիպումէն ետք Քապպանի յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է ծովային սահմանագծումի հարցը, եւ այդ իմաստով անպայման պիտի մշակուի օրինագիծ մը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու նախագահ զօր.

Ժուհա Քիլփիան: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ, որ գնահատեց միջազգային բանաձեւերուն նկատմամբ կառավարութեան եւ վարչապետին կեցուածքները` ընդգծելով, որ կառավարութեան աշխատանքի առիթ պէտք է տալ:

Միւս կողմէ, Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ նշուեցաւ, որ իսլամ պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները Ռամատանի շրջանին պիտի աշխատին առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00:

Այլ շրջաբերականի մը մէջ Միքաթի շեշտեց, որ պետական բոլոր հաստատութիւնները վարչական գործառնութեանց պարագային պիտի օգտագործեն քաղաքացիներուն անձնաթուղթերը:

 

Նախորդը

«ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՐՏՕՆԵԼ, ՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Յաջորդը

ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԵԼԸ ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ Կ՛ՈՐՈՇԻ. ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ԱՌԱՒՕՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.