Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾԱԾ ՄԷԿ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻՆ` ԹՈՒՐՔԻԱ «ՄԱՔՐԱԳՈՐԾԱԾ» Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԻՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ

July 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ժումհուրիա» օրաթերթը, որ վերջերս ձեռնարկած է «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերու բացայայտման, իր երէկուան թիւով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան եւ պատմութեան նենգափոխման փորձերուն:

Այս ծիրին մէջ, «Ուիքիլիքս» գաղտնազերծած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ 12 յուլիս 2004-ին, Պոլսոյ ամերիկեան հիւպատոսարանին կողմէ հրապարակուած է թիւ 04ISTANBUL1074 գաղտնի տեղեկագիրը, որուն մէջ ներկայացուած է Թուրքիոյ մէջ գործող ամերիկեան պատուիրակութեան մեկնաբանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Նոյն տեղեկագիրին մէջ նշուած են թուրք եւ օտար պատմաբաններուն ու հետազօտողներուն վկայութիւնները:

Այդ վկայութիւններուն համաձայն, հայութեան կողմէ իր դատին հետապնդումը աւելի հզօր թափով կը շարունակուի:

Միւս կողմէ, թուրքերուն պարագային կայ ինքնութեան պահպանման հարց մը: Անոնց համար թրքական ինքնութեան պահպանումը հիմնական հարց է, եւ մինչեւ օրս կայ այն մտայնութիւնը, որ հայերուն հաշուոյն գործուած որեւէ սխալ ընդունելու պարագային, Թուրքիոյ սահմանային իրաւունքները կրնան տկարանալ եւ ամբողջ իշխանութիւնը տկարացնել հայութեան կատարուելիք հատուցումներուն հարցով:

Նոյն փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ տասնեակ մը տարիներէ ի վեր որդեգրուած ուրացումի քաղաքականութիւնը եւ ցեղասպանութեան նիւթին արգիլուած ըլլալու իրականութիւնը  պատճառ կը դառնան, որ թուրքերը առարկայական կերպով չմօտենան այդ հարցին քննարկումին:

Բայց եւ այնպէս, Պոլիս կը մնայ հիմնական կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին Օսմանեան կայսրութեան փաստաթուղթերու ուսումնասիրման:

Հայ պատմաբանները, որոնք ինչպէս ոեւէ օտար պատմաբան կամ հետազօտող, պէտք է թրքական իշխանութիւններուն արտօնութեամբ կարենան ուսումնասիրութիւններ կատարել Թուրքիոյ մէջ, բուռն ընդվզում կը յայտնեն այն իրականութեան դէմ, որ թրքական իշխանութիւնները իրենց տրամադրութեան տակ չեն դներ այն փաստաթուղթերը, որոնք կը հաստատեն ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Այս ծիրին մէջ Միշիկըն համալսարանի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն Գէորգ Պարտաքճեան ամերիկացի կարգ մը պատասխանատուներու յայտնած է, որ եօթանասունական եւ ութսունական թուականներուն իրեն եւ այլ հայ հետազօտողներու արգիլած են թրքական արխիւները ուսումնասիրելէ:

Սակայն օտար եւ թուրք պատմաբաններ կը գնահատեն Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկութ Էօզալի կողմէ իննսունական թուականներուն թրքական 150 միլիոն արխիւներու բացայայտման կարեւորութիւնը, անկախ այն իրականութենէն, որ անոնք ցեղասպանութեան մասին լուրջ տեղեկութիւններ չեն բովանդակեր:

Ըստ «Ուիքիլիքս»ի, ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ արխիւները մաքրագործումի եւ փճացումի իրականութեան առջեւ են:

Ամերիկացի պատմաբան մը կը բացայայտէ, թէ թուրք պատմաբան Հալիլ Պերքթայի համաձայն, հիմնականին մէջ երկու հանգրուանով կատարուած է այդ շուրջ 70 միլիոն փաստաթուղթերուն փճացումը: Առաջինը կատարուած է 1918-ին, երբ տակաւին Պոլիսը չէր գրաւուած դաշնակիցներուն կողմէ, իսկ երկրորդը կը կատարուի ներկայ հանգրուանին:

Այս փաստաթուղթերը փճացնելու «գործով» կը զբաղին հանգստեան կոչուած թուրք զինուորականները եւ դիւանագէտները` գլխաւորութեամբ թուրք դեսպան Մոհարրամ Նուրի Պիրճիի:

Այս ծիրին մէջ Պերքթայ կը հաստատէ, որ Պիրճի ընդգծած է, թէ ինք մաքրագործած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ շեշտած ըսելով. «Մենք իսկապէս մորթեցինք հայերը»:

Նոյն ծիրին մէջ, ամերիկացի հետազօտող Թոնի Կրենուուտ ընդգծած է, որ թուրք բարձրաստիճան զինուորականներ յատուկ պարտականութիւն ստանձնած են` թրքական արխիւներուն մէջ գտնուող եւ Հայոց ցեղասպանութեան իսկութիւնը փաստող միլիոնաւոր փաստաթուղթեր անհետացնելու:

Հարկ է ընդգծել նաեւ, որ «Ուիքիլիքս»ի համաձայն, Հայոց ցեղասպանութեան մասին թրքական կեցուածքները փոխուած են եւ շատ քիչեր են, որոնք յանդգնութիւնը ունին այդ մասին հարցումներ ուղղելու:

Միւս կողմէ, սակայն, «Ուիքիլիքս» նկատել կու տայ, որ կեդրոնական եւ արեւելեան Անատոլուի մէջ քաղաքացիները ամերիկեան դիւանագիտական պատուիրակութիւններու հետ իրենց զրոյցներուն ընթացքին կ՛ընդունին, թէ իրենց նախահայրերը հայերուն դէմ ոճիրներ գործած են: Միւս կողմէ, Թուրքիա այցելող մեծ թիւով ամերիկացի հետազօտողներ ընդգծեցին նաեւ, որ ցեղասպանութեան հարցը այլեւս արգիլուած նիւթ մը չէ:

 

Նախորդը

ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ԼԱՅԵՈՒՆԻ ՀԵՏ

Յաջորդը

«ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՐՏՕՆԵԼ, ՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.