Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ կառավարութիւնն է, որ իր յստակ որոշումը կու տայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրներուն մասին:
Քըրթպաուի հաստատեց նաեւ, որ երկրին ապահովական կառոյցները կը շարունակեն իրենց ջանքերը` գործադրելու համար այդ ամբաստանագիրները:


