Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԻՐԱԿԻ ՄԱՐԶ

July 22, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան կը զրուցէ բնակիչներու հետ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Շիրակի մարզ:

Մարզի Ամասիա համայնքին մէջ նախագահ Սարգսեան այցելեց հիմնանորոգուող կեդրոն-մանկապարտէզի շէնքը եւ ծանօթացաւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին: Հայաստանի ընկերային ներդրումներու հիմնադրամին ֆինանսաւորումով վերակառուցուող այդ շէնքի շահագործման յանձնելէն ետք համայնքը պիտի ունենայ 60 երեխաներու համար նախատեսուած մանկապարտէզ եւ համայնքի կեդրոն: Նշուեցաւ, որ շինարարական աշխատանքները սկսած են օգոստոս 2010-ին, իրականացուած է աշխատանքներու գրեթէ 80 առ հարիւրը եւ նախատեսուած է շինարարութիւնը աւարտել նոյեմբեր 2011-ին:

Ամասիոյ մէջ նախագահը ներկայ գտնուեցաւ կարի նորակառոյց գործարանի բացման հանդիսութեան: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ սկզբնական շրջանին բանալ 150 աշխատատեղեր, հետագային` տարուան մը ընթացքին, աշխատողներու թիւը կրկնապատկել` հասցնելով 300-ի: Կարի գործարանի ստեղծման հիմքերը դրուած են 2009-ին` «Ամասիոյ վերականգնման» հիմնադրամի եւ հայ-գերմանական «ՎՔՍ Արմենիա» ընկերութեան համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք:

Հիմնադրամի պատասխանատուները հաստատեցին, որ հեռանկարային զարգացման ծրագիրներուն մէջ կան նաեւ նոր եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները եւ համայնքի ենթակառոյցներու զարգացումը, զորս կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2014-ին: Այդ ծրագիրի ծիրին մէջ համայնքը շուտով պիտի ունենայ նոր զբօսայգի մը, որուն նախագծային-հաշուարկային աշխատանքները արդէն աւարտած են, պիտի բարեկարգուի համայնքի կեդրոնական հատուածը եւ նոր թաղամաս պիտի հիմնուի: Կը նախատեսուի նաեւ շարժապատկերի սրահի շինարարութիւն եւ քաղաքի համար յատուկ մուտքի կառուցում` գեղեցիկ ճարտարապետական լուծումներով: Իբրեւ արդիւնք` շրջանին մէջ պիտի ստեղծուին շուրջ 500 աշխատատեղեր, ոչ միայն Ամասիոյ, այլեւ մարզի միւս գիւղերու բնակիչներուն համար:

Ամասիա գիւղի ճամբուն վրայ նախագահ Սերժ Սարգսեան կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Բանդիվան համայնքին, ուր զրուցած է բնակիչներուն հետ եւ հետաքրքրուած է քանի մը ամիս առաջ Բանդիվան կատարած իր նախորդ այցելութեան ընթացքին քննարկուած առաջնահերթ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներով: Բնակիչները նախագահին տեղեկացուցած են, որ բոլոր խնդիրները նախատեսուած ժամկէտին լուծուած են: Մասնաւորաբար` «Բանդիվան կաթ» ընկերութիւնը որոշակիօրէն ընդլայնած է մթերման եւ արտադրական ծաւալները, լուծուած է համայնքի կազի մատակարարման խնդիրը եւ Բանդիվանին յատկացուած են անհրաժեշտ գիւղատնտեսական սարքաւորումներ:

 

Նախորդը

ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՖԻՇԸՐ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԻՋԵՒ ԾԱՒԱԼՈՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.