Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԼ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ ՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՆՈՒԷԼ ԲԱԴԷԵԱՆ

July 22, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մանուէլ Բադէեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Բադէեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ ընդդիմութիւնը թէեւ տուեալ պահուն կը յայտարարէ, որ իշխանութիւններուն հետ երկխօսութեան միակ նիւթը արտակարգ ընտրութիւններն են, սակայն ատիկա այդպէս չէ: «Այդտեղ բանակցելու բան չկայ: Ընդդիմութիւնը կ՛ըսէ` կատարեցէ՛ք արտակարգ ընտրութիւններ, իշխանութիւնը կ՛ըսէ` ոչ: Վերջացան բանակցութիւնները: Իսկ եթէ բանակցութիւններ կան, ապա ուրիշ բանի շուրջ են», յայտնեց ան:

Ըստ պատգամաւորին, իշխանութիւնը մէկ նպատակ ունի` հաւասարակշռել հանրութեան քաղաքական-հոգեբանական բեւեռացումները, հարթել սուր անկիւնները եւ ստեղծել ներդաշնակ հասարակութիւն:

Պատգամաւորը ընդգծեց, որ ընդդիմութեան նպատակները ուրիշ են. ընդդիմութիւնը հասկցած է, որ ո՛չ ընտրութիւններու, ո՛չ ալ զանգուածային անհնազանդութեան բողոքներ կազմակերպելու միջոցով իշխանութեան պիտի  հասնի: Ըստ Մ. Բադէեանի, ընդդիմութիւնը կը ցանկայ ամրապնդել իր ազդեցութիւնը ժողովուրդին եւ իշխանութեան` որոշումներ տալու մեքանիզմին վրայ:

Անդրադառնալով Քազանի հանդիպման` Բադէեան նշեց, որ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը փաստաթուղթ մը ստորագրելու պատրաստակամութեամբ գացած էին Քազան: Սակայն, ըստ անոր, որոշ հանգամանքներ խոչընդոտեցին այդ մէկը, եւ ներկայիս կողմերը իրարու կը մեղադրեն:

Ան նշեց, որ Քազանի հանդիպումէն ետք աւելի հետաքրքրական էին միջազգային հանրութեան եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն արձագանգները, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպումներ տեղի ունեցան. խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Ազրպէյճան, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ այցելութիւններուն:

Մ. Բադէեան յայտնեց, որ յստակ է, թէ միջազգային ճնշումներ կան երկու կողմերուն վրայ: Ըստ անոր, այս ճնշումներուն պատճառով Ազրպէյճան յարմարած է տագնապը զինուորական ճամբով չլուծելու միտքին հետ:

«Մէկ բան ալ կայ, Ազրպէյճան դժուար թէ համակերպէր անոր հետ, եթէ վստահ ըլլար, որ զինուորական ճամբով կրնար լուծել հարցը` ի նպաստ իրեն: Իր խորին համոզումով` ատիկա կը բացառուի: Սթափ հաշուարկը ցոյց կու տայ, որ զինուորական ընդհարման ժամանակ ազրպէյճանական կողմը նորէն պարտութիւն պիտի կրէ: Վատ խաղաղութիւնը աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով «Երկիր»ի այն հարցումին, որ այդ համոզումը ի՞նչ հիմքեր ունի, Բադէեան նշեց, որ հիմքը Հայաստանի առաւելութիւններն են: «Քանի որ մեր պատերազմը արդար պատերազմ է, կը նշանակէ ուժը մեր կողմն է: Քանի որ մեր դիրքերը գրեթէ անառիկ են: Յարձակող կողմը պէտք է ուժերու 3 անգամ գերակշռութիւն ունենայ յաղթանակ ակնկալելու համար, իսկ Ազրպէյճան ատիկա չունի», ընդգծեց ան:

Ան յայտնեց, որ պարզ է, թէ լուծումը օրուան մը ընթացքին պիտի չըլլայ, եթէ նոյնիսկ փաստաթուղթ ստորագրուի: Իսկական լուծումը երկար ժամանակ պիտի պահանջէ: «Իսկական լուծում ես կը նկատեմ այն, երբ կողմերուն միջեւ բարի դրացիական ջերմ յարաբերութիւններ կ՛ըլլան, իսկ թէ որքանո՛վ կարելի է ատիկա թուրքերուն հետ… Յամենայն դէպս վերջին հազարամեակը ցոյց տուած է, որ կարելի չէ: Կ՛ապրինք, կը տեսնենք», յայտնեց պատգամաւորը:

 

Նախորդը

«ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԵՐԲԵՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍ ՉԷ ԿԱԶՄԱԾ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ՊԱՀԵԼՆ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.