Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2014 թուականի երկկողմ համագործակցութեան ծրագիրին համաձայն, երէկ Հայաստան հասաւ Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային զինուորական համագործակցութեան վարչութեան պետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին ամփոփուած են հայ-պիելոռուսական երկկողմ զինուորական համագործակցութեան 2014 թուականի արդիւնքները, մշակուած է 2015 թուականի համագործակցութեան ծրագիրի նախագիծը: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը երէկ տեսակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի հետ:
Բանակցութիւններէն ետք կը նախատեսուի, որ ստորագրուի Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ երկկողմ համագործակցութեան 2015 թուականի ծրագիրը:


