
Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» եւ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթերը կը հաղորդեն, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել չէ բացառած, որ Բրիտանիան կրնայ դուրս գալ Եւրոպական Միութենէն` ներգաղթեալներու հարցով տարակարծութիւններու պատճառով:
Մերքել այդ մասին ըսած է Բրիտանիոյ վարչապետին հետ զրոյցի մը ընթացքին: Ան մասնաւորաբար ըսած է, որ աւելի պիտի գերադասէր, որ Բրիտանիա դուրս գար Եւրոպական Միութենէն, քան Եւրոպական Միութեան մէջ փոխուէին կանոններ, որոնք կը վերաբերին միութեան մէջ քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժին:
Վերջերս յայտնի դարձած էր, որ Բրիտանիոյ վարչապետը կ՛ուսումնասիրէ` արդեօք Լոնտոն կրնա՞յ արտաքսել այն ներգաղթեալները, որոնք կու գան Բրիտանիա, սակայն չեն կրնար երեք ամսուան ընթացքին իրենք զիրենք ապահովել:
Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները լարուած էին, երբ միութիւնը Լոնտոնէն պահանջած էր մինչեւ 1 դեկտեմբեր 2,1 միլիառ եւրօ վճարել Եւրոպական Միութեան: Եւրոպական Միութեան մէջ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ Բրիտանիոյ տնտեսական վիճակը բարելաւուած է, եւ այդ երկիրը պէտք է աւելի շատ գումար վճարէ Եւրոպական Միութեան պիւտճէն ձեւաւորելու համար: Բրիտանիա համաձայն չէ, եւ այս մասին յայտարարելու ընթացքին Քամերոն Պրիւքսէլի մէջ ձեռքով հարուածած էր ամպիոնին եւ ըսած, որ այդպիսի բան տեղի պիտի չունենայ:
Ռուսական լրատուամիջոցները նոյն հարցով կը նշեն, որ ըստ հարցախոյզերուն, բրիտանացիներուն մեծ մասը դէմ չէ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն:


