«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած չորս ճակատումներուն, Մայեմի Հիթ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ յաջողեցան արձանագրել տարեշրջանի իրենց երրորդ յաղթանակը եւ շարունակել մնալ անպարտելի:
Անոնց նման ցարդ անպարտելի են նաեւ Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ:
Նշենք, որ ցարդ ամէնէն տկար խումբն է Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր կատարած բոլոր 4 մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 98-92 |
| Մայեմի Հիթ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 107-102 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Եորք Նիքս | 96-93 |
| Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըզ | 95-90 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Պրուքլին Նեթց – Օքլահոմա Սիթի
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ
Տալաս Մավըրիքս – Պոսթըն Սելթիքս
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ


