Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը շաբաթ օր երկրի հարաւային թեւին մէջ գտնուող Արաքսաւան բնակավայրին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամները:
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններուն համագործակցութեան առնչուող տարբեր հարցեր:
Նախագահ Սահակեան խորհրդանշական նկատած է նման խորհրդակցութիւններու կայացումը Արաքսաւանի մէջ` ընդգծելով, որ անոնք իւրայատուկ լիցք կը հաղորդեն գիւղական բնակավայրերու զարգացումին:
Նախագահ Սահակեան Ոստիկանութեան Հետ
Քննարկած Է Համակարգի Գործունէութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ ուրբաթ ընդունած է հանրապետութեան ոստիկանութեան ղեկավար կազմը` ոստիկանապետ Կամօ Աղաջանեանի գլխաւորութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համակարգի գործունէութեան առնչուող հարցեր:
Համապատասխան զեկուցումներով հանդէս եկած են ոստիկանապետը եւ տարբեր ստորաբաժանումներու ղեկավարներ:
Նախագահը կարգ մը յանձնարարականներ տուած է ոստիկանութեան աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:


